YouVersion Logo
Search Icon

ԵՓԵՍԱՑԻՍ 2

2
ՄԱՀԷՆ ԿԵԱՆՔԻ
1Դուք յանցանքներու ու մեղքերու մէջ մեռած էիք, ինք ձեզ կենդանացուց։ 2Անոնց մէջ ժամանակին կը քալէիք այս աշխարհին բռնած ճամբովը, այս օդին իշխանութեանը իշխանին ուզածին պէս, այն ոգիին՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ։ 3Անոնց մէջ մենք ամէնքս ալ կը պտըտէինք մեր մարմնին ցանկութիւններովը եւ մարմնին ու մտքին ուզածը կը կատարէինք եւ բնութեամբ բարկութեան որդիներ էինք՝ ինչպէս ուրիշներ. 4բայց Աստուած, որ մեծ է ողորմութիւնով, իր առատ սիրովը, որով մեզ սիրեց, 5երբ յանցանքներու մէջ մեռած էինք, մեզ Քրիստոսին հետ կենդանացուց, (դուք շնորհքով փրկուած էք), 6անոր հետ մեզ յարուցանեց ու անոր հետ նստեցուց երկնաւորներուն մէջ Քրիստոս Յիսուսով, 7որպէս զի գալու դարերուն մէջ ցուցնէ իր շնորհքին գերազանց մեծութիւնը՝ Քրիստոս Յիսուսով մեզի ցուցուցած քաղցրութիւնովը։ 8Վասն զի շնորհքով փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով եւ այս՝ ո՛չ թէ ձեզմէ է, հապա Աստուծոյ պարգեւն է. 9ո՛չ թէ գործերէն, որ մէ՛կը չպարծենայ. 10վասն զի մենք անոր ձեռագործն ենք, Քրիստոս Յիսուսով ստեղծուած՝ բարի գործերու համար։ Աստուած նախապէս պատրաստեց մեզ, որպէս զի անոնց մէջ քալենք։
ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ՄԷԿ
11Ուստի մտքերնիդ բերէք թէ դուք ատեն մը մարմնով հեթանոսներ ըլլալով, (որոնք անթլփատուած կը սեպուին անոնցմէ՝ որոնք թլփատուած կը կոչեն ինքզինքնին, մարմինի մէջ՝ ձեռքով եղած), 12որ այն ատեն դուք առանց Քրիստոսի էիք ու հեռացած էիք Իսրայէլի հասարակութենէն եւ օտարացած՝ խոստումին ուխտերէն ու յոյս մըն ալ չունէիք եւ աշխարհի մէջ անաստուած էիք։ 13Բայց հիմա Քրիստոս Յիսուսով դուք որ ատեն մը հեռաւոր էիք, մերձաւոր եղաք Քրիստոսին արիւնովը։ 14Վասն զի անիկա է մեր խաղաղութիւնը, որ երկուքը մէկ ըրաւ ու մէջտեղի բաժանող պատը, այսինքն իրարու հետ եղած թշնամութիւնը, իր մարմնովը քակեց 15եւ հրամաններով եղած պատուիրանքներուն օրէնքը խափանեց. որպէս զի իրմով այն երկուքին տեղ նոր մարդ մը ստեղծէ ու ասով խաղաղութիւն ընէ 16եւ երկուքն ալ մէկ մարմին եղած՝ հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ իր խաչովը. վասն զի անով սպաննեց թշնամութիւնը 17եւ եկաւ խաղաղութիւն քարոզեց ձեզի, որ հեռուն էիք ու անոնց՝ որ մօտ էին։ 18Քանզի անոր ձեռքով մենք երկուքս ալ մէկ Հոգիով՝ Հօրը մօտենալու արտօնութիւն ունինք։ 19Ուրեմն ա՛լ ասկէ յետոյ դուք օտար ու պանդուխտ չէք, հապա սուրբերուն քաղաքակիցները եւ Աստուծոյ ընտանիքը՝ 20առաքեալներուն ու մարգարէներուն հիման վրայ շինուած, որուն անկիւնին գլուխը Յիսուս Քրիստոսն է. 21որով բոլոր շէնքը մէկտեղ յարմարութեամբ կազմուած՝ կ’աճի սուրբ տաճար մը կ’ըլլայ Տէրոջմով. 22որով դուք ալ մէկտեղ կը շինուիք՝ Աստուծոյ բնակարան ըլլալու Սուրբ Հոգիով։

Currently Selected:

ԵՓԵՍԱՑԻՍ 2: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy