YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 15

15
ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ՀԱՃԵՑՆԵԼ, ՈՉ ԹԷ ԻՆՔԶԻՆՔԴ
1Մենք որ զօրաւոր ենք, պէտք է տկարներուն տկարութիւնը վերցնենք ո՛չ միայն մեր անձին հաճոյ ըլլալու համար, 2հապա մեզմէ ամէն մէկը շինութեան համար իր ընկերին հաճոյ ըլլայ՝ բարի բաներու մէջ։ 3Քանզի Քրիստոս ալ ո՛չ թէ իր անձին հաճոյ եղաւ, հապա ինչպէս գրուած է՝ «Քեզ նախատողներուն նախատինքները իմ վրաս ինկան»։ 4Վասն զի ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք։ 5Համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուածը ոյժ պիտի տայ ձեզի, որ իրարու հետ միեւնոյն խորհուրդը ունենաք՝ Քրիստոս Յիսուսին ուզածին պէս, 6որպէս զի մէկ սրտով ու մէկ բերնով փառաւորէք Աստուած՝ մեր Տէրոջը՝ Յիսուս Քրիստոսին Հայրը։
ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ՝ ՀԵԹԱՆՈՍՆԵՐՈՒՆ
7Ասոր համար մէկզմէկ ընդունեցէք, ինչպէս Քրիստոս #15.7 Ոմանք, ձեզմեզ ընդունեց Աստուծոյ փառքին համար։
8Բայց կ’ըսեմ թէ Յիսուս Քրիստոս սպասաւոր եղաւ թլփատուածներուն, ցուցնելու համար Աստուծոյ ճշմարտութիւնը, որպէս զի նախահայրերուն տրուած խոստումները հաստատէ 9եւ հեթանոսները ողորմութեան համար Աստուած փառաւորեն. ինչպէս գրուած է. «Ասոր համար ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ եւ քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ»։ 10Եւ դարձեալ կ’ըսէ. «Ո՛վ ազգեր, անոր ժողովուրդին հետ ուրախացէք»։ 11Եւ դարձեալ. «Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ բոլոր ազգեր ու գովեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ»։ 12Եւ դարձեալ Եսային կ’ըսէ. «Յեսսէի արմատը պիտի գայ ու ան ազգերուն իշխան պիտի ըլլայ, ազգերը անոր պիտի յուսան»։ 13Արդ՝ յուսոյ Աստուածը ձեզ լեցնէ կատարեալ ուրախութիւնով ու խաղաղութիւնով՝ ձեր հաւատքին համաձայն, որպէս զի ձեր յոյսը առատանայ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնովը։
ՊՕՂՈՍԻՆ ՀԱՄԱՐՁԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԳՐԵԼՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌԸ
14Ես ինքս ալ հաստատ համոզուած եմ ձեզի համար, իմ եղբայրնե՛րս, որ դուք լեցուած էք բարութիւնով եւ գիտութիւնով եւ կրնաք մէկզմէկ խրատել։ 15Սակայն մէկ կողմէ համարձակութեամբ գրեցի ձեզի, իմ եղբայրներս, որպէս զի մտքերնիդ ձգեմ այս բաները, այն շնորհքին պատճառով որ Աստուծմէ ինծի տրուած է, 16որպէս զի ես Յիսուս Քրիստոսին սպասաւորը ըլլամ հեթանոսներուն մէջ եւ Աստուծոյ աւետարանը մատակարարեմ, որպէս զի հեթանոսներուն ընծայուիլը ընդունելի ըլլայ՝ Սուրբ Հոգիով սրբուելով։ 17Ուստի Աստուծոյ քով կրնամ պարծենալ Քրիստոս Յիսուսով։ 18Վասն զի չեմ համարձակիր խօսիլ այն բաներու մասին, որ Քրիստոս իմ ձեռքովս գործած չէ հեթանոսները հնազանդեցնելու համար՝ խօսքով ու գործով, 19նշաններու ու հրաշքներու զօրութիւնով, #15.19 Ոմանք, ՍուրբԱստուծոյ Հոգիին զօրութիւնովը. այնպէս որ Երուսաղէմէն սկսած եւ շրջան ընելով մինչեւ Լիւրիկացիներու կողմերը Քրիստոսին աւետարանը լեցուցի։ 20Այնպէս ջանացի աւետարանը քարոզել, ոչ թէ ուր որ Քրիստոսին անունը յիշուած էր, որ չըլլայ թէ ուրիշի մը դրած հիման վրայ շինեմ. հապա ինչպէս գրուած է թէ՝ 21«Որոնց չպատմուեցաւ անոր վրայով՝ պիտի տեսնեն ու որոնք չլսեցին՝ պիտի իմանան»։
ՊՕՂՈՍԻ ԾՐԱԳԻՐԸ ՀՌՈՎՄ ԱՅՑԵԼԵԼՈՒ
22Անոր համար ալ շատ անգամ արգիլուեցայ ձեզի գալէ։ 23Բայց հիմա այս կողմերը ա՛լ ինծի տեղ չկայ ու շատ տարիներէ ի վեր խիստ կը փափաքիմ ձեզի գալ, 24երբ դէպի Սպանիա երթամ #15.24 Ոմանք, ձեզի պիտի գամ. վասն զի կը յուսամկը յուսամ անցնելու ատենս ձեզ տեսնել ու ձեզմէ ճամբուիլ հոն երթալու, եթէ առաջ քիչ մը ձեզմով լեցուիմ։ 25Բայց հիմա Երուսաղէմ կ’երթամ սուրբերուն սպասաւորութիւն ընելու։ 26Վասն զի Մակեդոնացիները եւ Աքայեցիները յօժարեցան որ Երուսաղէմի մէջ եղած աղքատ սուրբերուն քիչ մը օգնութիւն ընեն։ 27Յօժարեցան, քանզի անոնց պարտական ալ են։ Եթէ հեթանոսները հոգեւոր բաներու մէջ Հրեաներէն օգնութիւն ստացան, պարտաւոր են անոնց օգնել մարմնաւոր բաներու մէջ ալ։ 28Ուրեմն ասիկա կատարելով ու կնքելով անոնց այս պտուղը՝ ձեզմէ Սպանիա պիտի անցնիմ։ 29Գիտեմ թէ իմ ձեզի գալու ատենս՝ Քրիստոսին աւետարանին լեցուն օրհնութիւնովը պիտի գամ։
30Ձեզի կ’աղաչեմ, եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով ու Հոգիին սիրովը, որ ինծի հետ պատերազմակից ըլլաք ձեր աղօթքներուն մէջ առ Աստուած ինծի համար, 31որպէս զի Հրէաստանի մէջ հաւատքի չհնազանդողներէն ազատուիմ ու իմ Երուսաղէմ ընելու սպասաւորութիւնս սուրբերուն ընդունելի ըլլայ, 32որպէս զի Աստուծոյ կամքովը ուրախութեամբ ձեզի գալով՝ ձեզի հետ հանգչիմ։ Եւ խաղաղութեան Աստուածը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy