YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 1

1
1Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը, որ Աստուած տուաւ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ եւ իր հրեշտակին ձեռքով ղրկելով՝ իր Յովհաննէս ծառային իմացուց, 2որ Աստուծոյ խօսքին վկայութիւնը ըրաւ ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութիւնը՝ ինչ որ տեսաւ։ 3Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է. վասն զի ժամանակը մօտ է։
ԲԱՐԵՒ ԵՕԹԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ
4Յովհաննէս՝ եօթը եկեղեցիներուն, որոնք Ասիոյ մէջ են, շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Անկէ որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ ու եօթը Հոգիներէն՝ որոնք անոր աթոռին առջեւ են 5եւ Յիսուս Քրիստոս հաւատարիմ վկայէն, որ մեռելներէն յարութիւն առնողներէն անդրանիկն է ու երկրի թագաւորներուն իշխանը. Անոր որ մեզ սիրեց ու մեզ իր արիւնովը մեր մեղքերէն լուաց 6եւ մեզ թագաւորներ ու քահանաներ ըրաւ Աստուծոյ ու իր Հօրը քով. Անոր փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։
7Ահա ամպերով կու գայ ու ամէն աչք պիտի տեսնէ զանիկա եւ անոնք որ զանիկա խոցեցին։ Անոր վրայ կոծ պիտի ընեն երկրին բոլոր ազգերը։ Այո՛, Ամէն։ 8«Ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան»#1.8 Ոմանք կ’աւելացնեն, Առաջինը ու Վերջինը, կ’ըսէ Տէր [Աստուած], որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ, Ամենակալը։
ՏԵՍԻԼՔ ՄԸ
9Ես Յովհաննէս ձեր եղբայրը եւ Յիսուս Քրիստոսին նեղութեանը ու արքայութեանը եւ համբերութեանը մէջ ընկերակիցը, Պատմոս ըսուած կղզին էի՝ Աստուծոյ խօսքին համար ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութեանը համար։ 10Եւ #1.10 Այսինքն, տէրունականԿիրակի օրը Հոգին իմ վրաս եկաւ ու ետեւէս մեծ ձայն մը լսեցի փողի ձայնի պէս, որ կ’ըսէր. 11«#1.11 Ոմանք, Ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան, Առաջինը եւ Վերջինը եւ ինչԻնչ որ կը տեսնես, գրքի մը մէջ գրէ ու ղրկէ #1.11 Ոմանք, Ասիա եղած եօթըեօթը եկեղեցիներուն, որոնք Եփեսոսի, Զմիւռնիայի, Պերգամոնի, Թիւատիրի, Սարդիկէի, Փիղադեղփիայի եւ Լաւոդիկիայի մէջ են»։ 12Եւ դարձայ այն ձայնին կողմը, տեսնելու թէ ո՞վ է ինծի խօսողը։ Երբ դարձայ՝ եօթը ոսկեղէն աշտանակներ տեսայ 13եւ եօթը աշտանակներուն միջեւ՝ մէկը Որդի Մարդոյ նման՝ պճղնաւոր պատմուճան մը հագած ու կուրծքին վրայ ոսկի գօտի մը կապած։ 14Իր գլուխը եւ մազերը բուրդի ու ձիւնի պէս ճերմակ էին եւ իր աչքերը՝ կրակի բոցի պէս։ 15Իր ոտքերը՝ ոսկեպղինձի նման, որպէս թէ հնոցի մէջ կրակ դարձած ու իր ձայնը՝ շատ ջուրերու ձայնի պէս 16եւ իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղ ունէր ու իր բերնէն սրած երկբերան սուր մը կ’ելլէր եւ իր երեսը արեւու պէս էր՝ որ իր զօրութիւնովը կը փայլի։ 17Երբ տեսայ զանիկա, իր ոտքը ինկայ մեռելի պէս ու իր աջ ձեռքը իմ վրաս դրաւ ու ըսաւ ինծի. «Մի՛ վախնար. ես եմ Առաջինը ու Վերջինը։ 18Ես կենդանի եմ ու ես ա՛ն եմ որ մեռայ եւ ահա կենդանի եմ յաւիտեանս յաւիտենից#1.18 Ոմանք կ’աւելցնեն, Ամէնեւ ես ունիմ մահուան ու դժոխքին բանալիները։ 19[Ուստի] գրէ ինչ որ կը տեսնես, զայն որ կայ ու զայն որ ետքը պիտի ըլլայ. 20եօթը աստղերուն խորհուրդը՝ որ իմ աջ ձեռքիս մէջ տեսար եւ եօթը ոսկեղէն աշտանակները. այն եօթը աստղերը եօթը եկեղեցիներուն հրեշտակներն են եւ եօթը աշտանակները#1.20 Ոմանք կ’աւելցնեն, որոնք տեսարեօթը եկեղեցիներն են»։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy