YouVersion Logo
Search Icon

ՄԱՏԹԷՈՍ 25

25
ՏԱՍԸ ԿՈՅՍԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ
1 «Երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանի տասը կոյսերու, որոնք իրենց լապտերները առնելով՝ փեսան դիմաւորելու ելան։ 2Ասոնցմէ հինգը իմաստուն էին, իսկ հինգը՝ յիմար։ 3Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց իրենց հետ իւղ չառին. 4սակայն իմաստունները իրենց լապտերներուն հետ ամաններով իւղ ալ առին։ 5Երբ փեսան ուշացաւ, ամէնքն ալ թմրեցան ու քնացան։ 6Կէս գիշերին ձայն մը եղաւ. ‘Ահա փեսան կու գայ. զանիկա դիմաւորելու ելէք’։ 7Այն ատեն բոլոր կոյսերը ելան ու իրենց լապտերները շտկեցին։ 8Յիմարները ըսին իմաստուններուն. ‘Տուէք մեզի ձեր իւղէն, վասն զի մեր լապտերները մարելու վրայ են’։ 9Պատասխան տուին իմաստունները ու ըսին. ‘Չըլլայ թէ մեզի ու ձեզի չբաւականանայ, այլ ծախողներուն գացէք եւ գնեցէք ձեզի համար’։ 10Երբ անոնք գացին գնելու, փեսան եկաւ ու պատրաստ եղողները անոր հետ հարսանիքը մտան եւ դուռը գոցուեցաւ։ 11Ետքը միւս կոյսերը եկան ու ըսին. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բա՛ց մեզի’։ 12Բայց անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ես ձեզ չեմ ճանչնար’։ 13Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ #25.13 Ոմանք, ժամը, որուն մէջ Որդին մարդոյ կու գայժամը»։
ԵՐԵՔ ԾԱՌԱՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱԿԸ
(Ղուկ. 19.11-27)
14 Օտար երկիր գացող մարդ մը կանչեց իր ծառաները եւ իր ունեցածը անոնց յանձնեց։ 15Մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ ու մէկուն՝ երկուք եւ մէկուն՝ մէկ։ Ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ ու անմիջապէս ճամբայ ելաւ։ 16Ան՝ որ հինգ տաղանդ առած էր, գնաց անոնցմով գործեց եւ ուրիշ հինգ տաղանդ շահեցաւ։ 17Նմանապէս ան՝ որ երկուք առած էր, ուրիշ երկուք ալ շահեցաւ։ 18Իսկ ան՝ որ մէկ առած էր, գնաց գետինը փորեց ու իր տիրոջը ստակը պահեց։ 19Շատ ժամանակ յետոյ այն ծառաներուն տէրը եկաւ եւ անոնցմէ հաշիւ ուզեց։ 20Հինգ տաղանդ առնողը եկաւ՝ ուրիշ հինգ տաղանդ ալ բերաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, հինգ տաղանդ յանձնեցիր ինծի, ահա ուրիշ հինգ տաղանդ ալ անոնց վրայ շահեցայ»։ 21Տէրը ըսաւ անոր. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ»։ 22Երկու տաղանդ առնողն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, երկու տաղանդ յանձնեցիր ինծի, ահա ուրիշ երկու տաղանդ ալ անոնց վրայ շահեցայ»։ 23Տէրը ըսաւ անոր. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ, դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ»։ 24Մէկ տաղանդ առնողն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, գիտէի թէ դուն խիստ մարդ մըն ես, չսերմանած տեղէդ կը հնձես ու չցանած տեղէդ կը ժողվես, 25ուստի վախնալով՝ գացի քու տաղանդդ գետնին տակ պահեցի. ուստի ահա քուկդ քեզի»։ 26Պատասխան տուաւ անոր տէրը ու ըսաւ. «Չար եւ ծո՛յլ ծառայ, գիտէիր թէ չսերմանած տեղէս կը հնձեմ ու չցանած տեղէս կը ժողվեմ, 27ուրեմն պէտք էր որ իմ ստակս սեղանաւորներուն տայիր, որպէս զի եկած ատենս շահովը առնէի։ 28Արդ՝ առէ՛ք ատկէ տաղանդը ու տասը տաղանդ ունեցողին տուէք։ 29Վասն զի ամէն ունեցողին պիտի տրուի ու պիտի աւելնայ եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի։ 30Իսկ այդ անպիտան ծառան դուրսի խաւարը հանեցէք. հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։
ՎԵՐՋԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
31 Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր #25.31 Ոմանք չունինսուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի։ 32Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը ու զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ։ 33Ոչխարները իր աջ կողմը պիտի կայնեցնէ ու այծերը՝ ձախ կողմը։
34 Այն ատեն թագաւորը իր աջ կողմը եղողներուն պիտի ըսէ. «Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք. 35վասն զի անօթեցայ եւ ինծի ուտելիք տուիք. ծարաւեցայ ու ինծի խմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս առիք. 36մերկ էի, զիս հագուեցուցիք. հիւանդ էի, ինծի տես եկաք. բանտի մէջ էի, ինծի եկաք»։ 37Այն ատեն արդարները անոր պատասխան պիտի տան ու ըսեն. «Տէ՜ր, ե՞րբ քեզ անօթեցած տեսանք ու կերակրեցինք, կամ ծարաւած՝ ու խմցուցինք. 38ե՞րբ քեզ օտարական տեսանք եւ ներս առինք, կամ մերկ՝ ու հագուեցուցինք. 39ե՞րբ քեզ հիւանդ կամ բանտի մէջ տեսանք ու քեզի եկանք»։ 40Թագաւորը պատասխան տալով պիտի ըսէ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք»։
41 Այն ատեն ձախ կողմը եղողներուն ալ պիտի ըսէ. «Մէկդի գացէք ինծմէ, անի՛ծեալներ, յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն։ 42Վասն զի անօթեցայ, ինծի ուտելիք չտուիք. ծարաւեցայ, ինծի չխմցուցիք. 43օտարական էի, զիս ներս չառիք. մերկ էի, զիս չհագուեցուցիք. հիւանդ էի ու բանտի մէջ էի, ինծի տես չեկաք»։ 44Այն ատեն անոնք ալ պատասխան պիտի տան ու ըսեն. «Տէ՛ր, ե՞րբ տեսանք քեզ անօթեցած կամ ծարաւած կամ օտարական կամ մերկ կամ հիւանդ կամ բանտի մէջ ու քեզի սպասաւորութիւն չըրինք»։ 45Այն ատեն պատասխան պիտի տայ անոնց ու ըսէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. որովհետեւ ինչ որ ասոնցմէ ամենէն պզտիկներէն մէկուն չըրիք, ինծի ալ չըրիք»։
46 Ասոնք պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը, իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքը։

Currently Selected:

ՄԱՏԹԷՈՍ 25: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy