YouVersion Logo
Search Icon

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 9

9
ՅԻՍՈՒՍ Ի ԾՆԷ ԿՈՅՐԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
1Երբ կ’անցնէր, մարդ մը տեսաւ կոյր ծնած։ 2Իր աշակերտները հարցուցին իրեն ու ըսին. «Ռա՛բբի, որո՞ւնն է մեղքը, ասո՞ր թէ իր ծնողքին, որ անիկա կոյր ծնաւ»։ 3Պատասխան տուաւ Յիսուս. «Ո՛չ ատորն է մեղքը, ո՛չ ալ իր ծնողքին, հապա որպէս զի Աստուծոյ գործերը ատոր վրայ յայտնի ըլլան։ 4Քանի որ ցորեկ է, պէտք է որ զիս ղրկողին գործերը գործեմ. գիշերը կու գայ, երբ մէկը չի կրնար գործել, 5քանի որ աշխարհի մէջ եմ, աշխարհի լոյսն եմ»։ 6Երբ այս ըսաւ, թքաւ գետինը եւ թուքով կաւ շինեց, այն կաւը կոյրին աչքերուն վրայ ծեփեց 7եւ ըսաւ անոր. «Գնա՛, լուացուէ՛ Սելովամի աւազանին մէջ»։ (որ «Ղրկուած» կը թարգմանուի)։ Ան ալ գնաց ու լուացուեցաւ, եկաւ ու կը տեսնէր։ 8Դրացիները եւ անոնք որ առաջուընէ տեսած էին զանիկա որ #9.8 Ոմանք, մուրացկանկոյր էր, կ’ըսէին. «Ասիկա չէ՞ր որ կը նստէր եւ կը մուրար»։ Ոմանք կ’ըսէին. «Անիկա է»։ 9Ուրիշներ կ’ըսէին. «Անոր նման մէկն է», իսկ ինք կ’ըսէր. «Ես եմ»։ 10Ուստի հարցուցին իրեն. «Հապա ի՞նչպէս բացուեցան քու աչքերդ»։ 11Ինք պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Յիսուս կոչուած մարդ մը կաւ շինեց ու աչքերս ծեփեց եւ ըսաւ ինծի. ‘Գնա՛ Սելովամի աւազանը ու լուացուէ՛’. ես ալ գացի, լուացուեցայ ու կը տեսնեմ»։ 12Ըսին իրեն. «Ո՞ւր է անիկա»։ Ըսաւ անոնց. «Չեմ գիտեր»։
ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐԸ ԲԺՇԿՈՒՈՂԸ ԿԸ ՀԱՐՑԱՔՆՆԵՆ
13Փարիսեցիներուն տարին զանիկա, որ ատենով կոյր էր։ 14Շաբաթ օր էր, երբ Յիսուս կաւը շինեց ու անոր աչքերը բացաւ։ 15Փարիսեցիներն ալ կը հարցնէին իրեն թէ՝ «Ի՞նչպէս կը տեսնէ»։ Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Կաւ դրաւ աչքերուս վրայ ու լուացուեցայ եւ կը տեսնեմ»։ 16Ասոր վրայ Փարիսեցիներէն ոմանք կ’ըսէին. «Այն մարդը Աստուծմէ չէ, վասն զի Շաբաթ օրը չի պահեր»։ Ուրիշներ կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս կրնայ մեղաւոր մարդ մը այսպիսի հրաշքներ ընել»։ Անոնց մէջ երկպառակութիւն կար։ 17Նորէն ըսին կոյրին. «Դուն ի՞նչ կ’ըսես անոր համար, որ քու աչքերդ բացաւ»։ Ան ալ ըսաւ թէ՝ «Մարգարէ մըն է»։ 18Իսկ Հրեաները չէին հաւատար՝ թէ կոյր էր ու բացուեցաւ, մինչեւ որ անոր ծնողքը կանչեցին, 19եւ անոնց հարցուցին. «Ա՞յս է ձեր որդին, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ կոյր ծնաւ. հապա հիմա ի՞նչպէս կը տեսնէ»։ 20Անոր ծնողքը պատասխան տուին անոնց ու ըսին. «Գիտենք թէ ասիկա է մեր որդին եւ որ ինք կոյր ծնաւ։ 21Բայց հիմա ի՞նչպէս կը տեսնէ՝ չենք գիտեր, կամ թէ ո՞վ բացաւ ատոր աչքերը՝ մենք չենք գիտեր, ինք չափահաս է, իրեն հարցուցէք, թող ինք խօսի իրեն համար»։ 22Այսպէս ըսին անոր ծնողքը Հրեաներէն վախնալնուն համար, քանզի Հրեաները միաբան հաւանութեամբ որոշեր էին, որ եթէ մէկը զանիկա Քրիստոս դաւանի, ժողովարանէն դուրս ձգուի։ 23Ասոր համար անոր ծնողքը ըսին թէ «Ինք չափահաս է, իրեն հարցուցէք»։ 24Ետքը նորէն կանչեցին այն մարդը որ կոյր էր ու ըսին անոր. «Աստուծոյ փառք տուր, մենք գիտենք թէ այն մարդը մեղաւոր է»։ 25Անիկա ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եթէ մեղաւոր է՝ ես չեմ գիտեր. միայն այս գիտեմ թէ կոյր էի եւ հիմա կը տեսնեմ»։ 26Նորէն ըսին անոր. «Ի՞նչ ըրաւ քեզի, քու աչքերդ ի՞նչպէս բացաւ»։ 27Պատասխան տուաւ անոնց. «Հիմա ըսի ձեզի ու չլսեցի՞ք. ինչո՞ւ համար նորէն լսել կ’ուզէք. միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք անոր աշակերտ ըլլալ»։ 28Անոնք նախատելով զանիկա, ըսին. «Դուն ես անոր աշակերտը, իսկ մենք Մովսէսին աշակերտներն ենք։ 29Մենք գիտենք թէ Աստուած Մովսէսին հետ խօսեցաւ, բայց ասիկա չենք գիտեր թէ ուրկէ՞ է»։ 30Պատասխան տուաւ մարդը եւ ըսաւ անոնց. «Ատիկա է զարմանալի բանը՝ որ դուք չէք գիտեր թէ ուրկէ՞ է, բայց անիկա իմ աչքերս բացաւ։ 31Գիտենք թէ Աստուած մեղաւորներուն մտիկ չըներ, բայց եթէ մէկը աստուածապաշտ ըլլայ ու անոր կամքը կատարէ, անոր մտիկ կ’ընէ։ 32Աշխարհի սկիզբէն ի վեր լսուած չէ որ մարդ մը կոյր ծնածի մը աչքերը բացած ըլլայ։ 33Եթէ Աստուծմէ չըլլար այն մարդը, բա՛ն մըն ալ չէր կրնար ընել»։ 34Պատասխան տուին եւ ըսին անոր. «Դուն բոլորովին մեղքերու մէջ ծնած ես ու մեզի վարդապետութի՞ւն կ’ընես»։ Եւ դուրս ըրին զանիկա։
ՀՈԳԵԿԱՆ ԿՈՒՐՈՒԹԻՒՆ
35Յիսուս լսեց թէ զանիկա դուրս ըրին, երբ գտաւ զանիկա, ըսաւ անոր. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին»։ 36Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ո՞վ է՝ որ հաւատամ անոր»։ 37Յիսուս ըսաւ անոր. «Տեսար զանիկա, քեզի հետ խօսողը՝ ա՛ն է»։ 38Անիկա ալ ըսաւ. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր» ու անոր երկրպագութիւն ըրաւ։ 39Յիսուս ըսաւ. «Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէս զի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան»։
40Փարիսեցիներէն ոմանք, որոնք իրեն հետ էին, այս բաները լսելով՝ ըսին իրեն. «Միթէ մե՞նք ալ կոյր ենք»։ 41Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եթէ կոյր ըլլայիք, դուք մեղք չէիք ունենար, բայց հիմա կ’ըսէք թէ ‘Կը տեսնենք’, ասոր համար ձեր մեղքը ձեր վրայ կը մնայ»։

Currently Selected:

ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 9: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy