YouVersion Logo
Search Icon

ՅԱԿՈԲՈՒ 4

4
ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀԵՏ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ
1Ուրկէ՞ են պատերազմները եւ ուրկէ՞ կռիւները ձեր մէջ։ Չէ՞ որ ձեր ցանկութիւններէն, որոնք ձեր անդամներուն մէջ կը պատերազմին։ 2Կը ցանկաք ու չունիք, կը սպաննէք ու կը նախանձիք եւ չէ՛ք կրնար ձեր ուզածին հասնիլ։ Կը պատերազմիք ու կը կռուիք, բայց չունիք, վասն զի չէ՛ք խնդրեր. 3կը խնդրէք ու չէ՛ք առներ, վասն զի չարաչար կը խնդրէք՝ որպէս զի ձեր ցանկութիւններուն բանեցնէք։ 4Շնա՛ցողներ, չէ՞ք գիտեր թէ այս աշխարհին սէրը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. ուստի ով որ կ’ուզէ աշխարհին բարեկամ ըլլալ, ինքզինք Աստուծոյ թշնամի կ’ընէ։ 5Կամ թէ կը կարծէք որ գիրքը պարա՞պ տեղ #4.5 Կամ, կը խօսի. նախանձի՞ կը փափաքի մեր մէջ բնակող Հոգինկ’ըսէ թէ «Նախանձի կը փափաքի մեր մէջ բնակող հոգին»։ 6Սակայն աւելի շնորհք կու տայ. անոր համար կ’ըսէ. «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։ 7Ուստի հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ։ Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի։ 8Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ։ Սրբեցէ՛ք ձեռքերնիդ, մե՛ղաւորներ եւ մաքրեցէք սրտերնիդ, ե՛րկմիտներ, 9տառապանք քաշեցէ՛ք, սուգ ըրէ՛ք ու լացէ՛ք. ձեր ծիծաղը սուգի դառնայ ու ձեր ուրախութիւնը՝ տրտմութեան։ 10Տէրոջը առջեւ խոնարհեցէ՛ք ու ան ձեզ պիտի բարձրացնէ։
ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ԵՂԲԱՅՐԸ ԴԱՏԵԼԷ
11Մէկզմէկ մի՛ բամբասէք. ան որ իր եղբայրը կը բամբասէ կամ իր եղբայրը կը դատէ, օրէնքը կը բամբասէ եւ օրէնքը կը դատէ։ Եթէ օրէնքը դատես, ա՛լ դուն օրէնքը կատարող չես, հապա դատաւոր։ 12Միայն մէկ Օրէնսդիր [ու Դատաւոր] կայ, որ կարող է փրկել եւ կորսնցնել։ Դուն ո՞վ ես որ ուրիշը կը դատես։
ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՊԱՐԾԵՆԱԼԷ
13Հիմա մտի՛կ ըրէք դուք, որ կ’ըսէք. «Այսօր կամ վաղը երթանք այս անուն քաղաքը ու հոն տարի մը կենանք եւ առուտուր ընենք ու վաստկինք». 14(դուք ոչինչ գիտէք վաղուան մասին. 15քանզի ի՞նչ է ձեր կեանքը. յիրաւի շոգի մըն է, որ քիչ մը ատեն կ’երեւնայ ու ետքը կ’ոչնչանայ). անոր տեղ ըսելու էք. «Եթէ Տէրը կամենայ ու ապրինք, այս կամ այն բանը ընենք»։ 16Բայց հիմա ձեր ամբարտաւանութիւնովը կը պարծենաք։ Բոլոր պարծանքները չարութիւն են։ 17Ուստի ով որ բարին ընելը գիտնայ ու չընէ, ան մեղք է անոր։

Currently Selected:

ՅԱԿՈԲՈՒ 4: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy