YouVersion Logo
Search Icon

ԵՓԵՍԱՑԻՍ 1

1
1Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը Աստուծոյ կամքովը՝ Եփեսոսի մէջ եղած սուրբերուն եւ Յիսուս Քրիստոսին հաւատացողներուն. 2շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի՝ Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ՀՈԳԵՒՈՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
3Օրհնեալ է Աստուած եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը, որ մեզ օրհնեց ամէն հոգեւոր օրհնութիւններով՝ երկնաւորներուն մէջ՝ Քրիստոսով. 4ինչպէս մեզ անով աշխարհի սկիզբէն առաջ ընտրեց, որպէս զի մենք սիրով սուրբ ու անարատ ըլլանք իր առջեւ։ 5Առաջուընէ Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով մեզ իրեն որդեգիր ըլլալու սահմանեց իր կամքին հաճութեանը պէս, 6իր փառաւոր շնորհքին գովութեանը համար, որով մեզ զարդարեց Սիրելիին ձեռքով. 7որով փրկութիւն ունինք մենք իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն՝ իր շնորհքին ճոխութեան չափովը, 8որ մեր վրայ աւելցուց իմաստութեամբ ու գիտութեամբ, 9մեզի յայտնելով իր կամքին խորհուրդը՝ իր հաճութեանը պէս, որ #1.9 Ոմանք, անովիր մէջ նախասահմաներ էր. 10որպէս զի ժամանակներուն լրանալուն տնտեսութեանը մէջ ամէն բան բովանդակէ Քրիստոսով, ինչ որ երկինքը ու ինչ որ երկրի վրայ կայ։ 11Անով՝ մենք ալ ժառանգութիւն առինք, որ որոշուած էր անոր նախասահմանութիւնովը, որ ամէն բան իր կամքին խորհուրդովը կը գործադրուի։ 12Որպէս զի մենք անոր փառքին գովութիւն ըլլանք՝ առաջուընէ Քրիստոսին յուսացողներս. 13որուն վրայ դուք ալ յուսացիք ՝ երբ լսեցիք ճշմարտութեան խօսքը, ձեր փրկութեան աւետարանը, որուն հաւատալով՝ խոստացեալ Սուրբ Հոգիին շնորհքովը կնքուեցաք. 14որը մեր ժառանգորդ ըլլալուն գրաւականն է մինչեւ սեփականութիւնը դարձնենք իր փառքին գովութեանը համար։
ՊՕՂՈՍԻՆ ԱՂՕԹՔԸ
15Ուստի ես ալ, երբ լսեցի Տէր Յիսուսին վրայ ունեցած հաւատքնիդ ու բոլոր սուրբերուն վրայ ձեր ունեցած սէրը, 16չդադրեցայ ձեզի համար գոհութիւն մատուցանելէ՝ ձեզ իմ աղօթքներուս մէջ յիշելով. 17որպէս զի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Աստուածը՝ փառաց Հայրը՝ տայ ձեզի իմաստութեան ու յայտնութեան հոգին իր գիտութիւնովը։ 18Որպէս զի սրտերնուդ աչքերը լուսաւորուելով՝ գիտնաք թէ ի՞նչ է անոր ձեզ կանչելուն յոյսը ու ի՞նչ է անոր ժառանգութեանը փառքին ճոխութիւնը սուրբերուն մէջ 19եւ ի՞նչ է իր զօրութեան գերազանց մեծութիւնը հաւատացեալներուս մէջ՝ իր կարող զօրութեանը գործադրութիւնովը, 20որ Քրիստոսին վրայ ի գործ դրաւ, երբ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց ու նստեցուց իր աջ կողմը երկնքի մէջ 21ամէն իշխանութեան ու պետութեան եւ զօրութեան ու տէրութեան վրայ եւ ամէն անունի վրայ որ կը տրուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին մէջ, հապա գալիքին մէջ ալ 22եւ ամէն բան անոր ոտքերուն տակ հնազանդեցուց եւ զանիկա որպէս եկեղեցիին գլուխը դրաւ բոլոր բաներուն վրայ։ 23Եկեղեցին անոր մարմինն է, անոր լրումը՝ որ կը լեցնէ ամէնը ամէն բանի մէջ։

Currently Selected:

ԵՓԵՍԱՑԻՍ 1: WA2017

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy