YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԿՐՈՐԴ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 1

1
1Երէցէն՝ ընտրեալ տիկնոջը ու անոր որդիներուն, որոնք ես ճշմարտութեամբ կը սիրեմ, (եւ ո՛չ միայն ես, հապա ամէնքն ալ՝ որոնք ճշմարտութիւնը կը ճանչնան), 2այն ճշմարտութեանը համար՝ որ մեր մէջ կը մնայ ու յաւիտեան մեզի հետ պիտի ըլլայ. 3շնորհք, ողորմութիւն, խաղաղութիւն Հայր Աստուծմէն եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէն, Հօրը Որդիէն, ձեզի հետ ըլլայ ճշմարտութիւնով ու սիրով։
ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍԷՐ
4Շատ ուրախ եղայ ես, գտնելով որ քու որդիներէդ ոմանք ճշմարտութեամբ կը քալեն այն պատուիրանքին համեմատ՝ որ Հօրմէն առինք։ 5Հիմա քեզի կ’աղաչեմ, ո՛վ տիկին, նոր պատուիրանք մը չեմ գրեր քեզի, հապա զայն որ սկիզբէն ունէինք, որ մէկզմէկ սիրենք։ 6Սէրը այս է, որ անոր պատուիրանքներուն համեմատ քալենք ու պատուիրանքը այս է, որ ինչպէս սկիզբէն ի վեր լսեցիք, անոր համեմատ քալէք։ 7Վասն զի շատ մոլորեցնողներ ելան աշխարհի մէջ, որոնք Յիսուս Քրիստոսը մարմնով եկած չեն ընդունիր։ Անոնք մոլորեցնող ու Նեռ են։ 8Զգուշութիւն ըրէք ձեր անձերուն, որ աշխատանքնիս չկորսնցնենք, հապա որպէս զի լման վարձք առնենք։ 9Ամէն ով որ յանցանք կը գործէ ու Քրիստոսին վարդապետութեանը մէջ չի կենար, անիկա Աստուած չունի։ Ան որ Քրիստոսին վարդապետութեանը մէջ կը կենայ, անիկա Հայրն ալ ունի, Որդին ալ։ 10Եթէ մէկը ձեզի գայ ու այս վարդապետութիւնը չբերէ, զանիկա տուներնիդ մի՛ ընդունիք եւ անոր բարեւ մի՛ տաք։ 11Քանզի ով որ բարեւ տայ, անոր չար գործերուն հաղորդակից կ’ըլլայ։
ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԵՐ
12Շատ բան ունէի ձեզի գրելու, բայց չուզեցի թղթով ու մելանով գրել. վասն զի յոյս ունիմ որ ձեզի գամ ու դէմ առ դէմ խօսիմ, որպէս զի մեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։ 13Բարեւ կ’ընեն քեզի քու ընտրեալ քրոջդ որդիները#1.13 Ոմանք կ’աւելցնեն, Ամէն։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy