YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1

1
1Պօղոս, Աստուծոյ կամքովը Յիսուս Քրիստոսին առաքեալը ու Տիմոթէոս մեր եղբայրը. Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ Աքայիայի մէջ եղող բոլոր սուրբերուն. 2շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
ՊՕՂՈՍ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
3Օրհնեալ ըլլայ Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին հայրը՝ գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը. 4որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէս զի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք. 5քանզի ինչպէս Քրիստոսին չարչարանքները մեր վրայ շատ եղան, նմանապէս Քրիստոսին ձեռքովը մեր մխիթարութիւնն ալ շատ ըլլայ։ 6Եթէ նեղութիւն քաշենք՝ ձեր մխիթարութեանը ու փրկութեանը համար է եւ եթէ մխիթարուինք՝ ձեր մխիթարութեանը ու փրկութեանը համար է, որ կը տոկաք համբերելով այն չարչարանքներուն՝ որոնցմով մենք ալ կը չարչարուինք։ 7Մեր յոյսը հաստատուն է ձեզի համար, վասն զի գիտենք թէ ինչպէս մեր չարչարանքներուն հաղորդակից եղաք, նոյնպէս ալ մխիթարութեանը պիտի ըլլաք։ 8Վասն զի Ասիոյ մէջ մեզի պատահած նեղութիւնները չեմ ուզեր ձեզի իմացնել, եղբա՛յրներ, թէ մեր կարողութենէն շատ աւելի ծանրաբեռնուեցանք, նոյնիսկ յոյսերնիս կտրեցինք ապրելէ։ 9Բայց մահուան վճիռը մեր վրայ զգացինք, որպէս զի մենք մեզի չապաւինինք, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ. 10որ այնպիսի մեծ մահուանէ մեզ փրկեց ու կը փրկէ 11ու կը յուսանք թէ տակաւին պիտի փրկէ, մեզի համար ձեր ըրած աղօթքին օգնութեամբը. որպէս զի շատերուն աղօթքին պատճառաւ մեզի եղած շնորհքին համար՝ շատերէն գոհութիւն տրուի մեզի համար։
ՊՕՂՈՍԻՆ ԾՐԱԳՐԻՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ
12Վասն զի մեր պարծանքն է, մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք Աստուծոյ առջեւ պարզմտութեամբ ու անկեղծութեամբ եւ ոչ թէ մարմնաւոր իմաստութիւնով, հապա Աստուծոյ շնորհքովը աշխարհի մէջ վարուեցանք, բայց աւելի դէպի ձեզ։ 13Քանզի ուրիշ բան չենք գրեր ձեզի, հապա այն որ դուք կը կարդաք ու կը ճանչնաք եւ կը յուսամ թէ մինչեւ վերջը պիտի ճանչնաք. 14ինչպէս քիչ շատ ճանչցաք մեզ, որ ձեր պարծանքն ենք, ինչպէս դուք ալ մերը՝ Տէր Յիսուսին օրը։
15Այս վստահութիւնով կ’ուզէի առաջ ձեզի գալ, որպէս զի դուք երկրորդ անգամ շնորհք ընդունիք. 16ու ապա անցնիլ դէպի Մակեդոնիա եւ դարձեալ Մակեդոնիայէն ձեզի գալ, որպէս զի դուք ճամբեցնէք դէպի Հրէաստան։ 17Երբ այսպէս մտածեցի, միթէ երկմտութիւնո՞վ շարժեցայ. կամ թէ այն որ ես կը խորհիմ, մարմնաւորապէ՞ս կը խորհիմ, #1.17 Կամ, ոչ. հապա որպէս զի իմ կողմանէս «այոն այո ըլլայ ու ոչը՝ ոչ»որպէս զի իմ կողմանէս «Այոն՝ այո եւ ոչը՝ ոչ» ըլլայ։ 18Սակայն հաւատարիմ է Աստուած, որ մեր խօսքը ձեզի որ հասաւ «Այո» եւ «Ոչ» չէր։ 19Վասն զի Աստուծոյ Որդին Յիսուս Քրիստոսը, որ մեզմով ձեզի քարոզուեցաւ, (ինծմով եւ Սիղուանոսով ու Տիմոթէոսով), «Այո» ու «Ոչ» չեղաւ, հապա իր մէջ եղաւ «Այո»ն։ 20Քանզի որչափ որ Աստուծոյ խոստումները կան՝ իր մէջ «Այո» են ու իր մէջ «Ամէն» են Աստուծոյ փառքին համար մեր ձեռքով։ 21Բայց ան որ մեզ ձեզի հետ մէկտեղ Քրիստոսով հաստատեց ու մեզ օծեց, Աստուած է. 22որ մեզ կնքեց ալ եւ մեզի տուաւ Հոգիին գրաւը մեր սրտերուն մէջ։ 23Բայց ես Աստուած վկայ կը կանչեմ իմ անձիս, որ ձեզի խնայելուս համար տակաւին Կորնթոս չեկայ. սակայն ոչ թէ ձեր հաւատքին վրայ կը տիրապետենք, հապա գործակից ենք ձեր ուրախութեանը. վասն զի դուք հաւատքով կը կենաք։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy