YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 3

3
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՆԵՐԸ
1Ե՛ղբայրներ, չկրցայ խօսիլ ձեզի՝ որպէս հոգեւորներու, հապա որպէս մարմնաւորներու, 2որպէս Քրիստոսով տղայոց. ձեզի կաթ կերցուցի եւ ո՛չ թէ կերակուր, վասն զի դեռ կարող չէիք ու հիմա ալ տակաւին կարող չէք, վասն զի դեռ մարմնաւոր էք։ 3Որովհետեւ տակաւին ձեր մէջ նախանձ ու հակառակութիւն եւ բաժանումներ կան. չէ՞ որ մարմնաւոր էք ու մարդկօրէն կը քալէք։ 4Քանզի երբ ձեզմէ մէկը ըսէ թէ՝ «Ես Պօղոսեան եմ» եւ միւսը՝ թէ «Ես Ապօղոսեան», չէ՞ որ մարմնաւոր էք։ 5Բայց ո՞վ է Պօղոս կամ ո՞վ է Ապօղոս։ Պաշտօնեաներ են, որոնցմով հաւատացիք եւ ինչպէս Տէրը տուաւ անոնց ամէն մէկուն։ 6Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ, բայց Աստուած աճեցուց։ 7Ուստի ո՛չ տնկողը բան մըն է եւ ո՛չ ջուր տուողը, հապա Աստուած՝ որ աճեցուց։ 8Տնկողը ու ջուր տուողը մէկ են եւ ամէն մէկը իր վարձքը պիտի առնէ իր աշխատութեան չափովը։ 9Վասն զի մենք Աստուծոյ գործակից ենք. դուք Աստուծոյ մշակութիւնն էք, Աստուծոյ շինութիւնն էք։ 10Աստուծոյ շնորհքին չափովը, որ ինծի տրուեցաւ, իմաստուն ճարտարապետի մը պէս հիմ դրի, բայց անոր վրայ շինողը ուրիշ է. միայն թէ ամէն մէկը թող զգուշանայ թէ ի՛նչպէս կը շինէ։ 11Վասն զի մէկը ա՛լ ուրիշ հիմ չի կրնար դնել դրուածէն զատ, որ է Յիսուս Քրիստոսը։ 12Եթէ մէկը այս հիմին վրայ շինելու գործածէ ոսկի, արծաթ, պատուական քարեր, փայտ, խոտ, եղէգ, 13ամէն մէկուն գործը յայտնի պիտի ըլլայ. քանզի օրը երեւան պիտի հանէ, վասն զի կրակով պիտի յայտնուի եւ ամէն մէկուն գործին ի՛նչ տեսակ ըլլալը կրակը պիտի փորձէ։ 14Եթէ մէկուն շինած գործը մնայ, ինք վարձք պիտի առնէ. 15եւ եթէ մէկուն շինածը այրի, անիկա վնաս պիտի քաշէ. բայց ինք պիտի ազատի, սակայն այնպէս՝ իբր թէ կրակի մէջէն ելած է։ 16Չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք եւ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի։ 17Եթէ մէկը Աստուծոյ տաճարը ապականէ, Աստուած ալ զանիկա պիտի ապականէ, վասն զի Աստուծոյ տաճարը սուրբ է եւ դուք էք այդ տաճարը։
18Չըլլայ որ մէկը ինքզինք խաբէ։ Եթէ ձեզմէ մէկը զինք իմաստուն սեպէ այս աշխարհի մէջ, թող յիմար ըլլայ՝ որպէս զի իմաստուն ըլլայ։ 19Վասն զի այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է. վասն զի գրուած է թէ՝ «Անիկա իմաստունները իրենց խորամանկութեան մէջ կը բռնէ»։ 20Եւ դարձեալ՝ թէ «Տէրը գիտէ իմաստուններուն խորհուրդները, որոնք ունայն են»։ 21Ուրեմն մէ՛կը թող չպարծենայ մարդոցմով. 22վասն զի ամէն բան ձերն է. թէ՛ Պօղոս, թէ՛ Ապօղոս, թէ՛ Կեփաս, թէ՛ աշխարհ, թէ՛ կեանք, թէ՛ մահ, թէ՛ ներկայ բաները եւ թէ՛ գալիքները. ամէն բան ձերն է. 23դուք ալ Քրիստոսինն էք եւ Քրիստոս՝ Աստուծոյ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy