YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 8

8
ԿՈՒՌՔԵՐՈՒՆ ԶՈՀՈՒԱԾ ԿԵՐԱԿՈՒՐԻՆ ՀԱՐՑԸ
1Կուռքերուն զոհերուն վրայով՝ գիտենք թէ ամէնքս ալ գիտութիւն ունինք։ Գիտութիւնը կը հպարտացնէ, բայց սէրը շինութիւն կ’ընէ։ 2Եթէ մէկը կը կարծէ թէ բան մը գիտէ, իրապէս բան մը չի գիտեր՝ ինչպէս պէտք է գիտնար։ 3Իսկ եթէ մէկը Աստուած կը սիրէ, ինք անկէ ճանչցուած է։ 4Ուստի կուռքերու զոհուածները ուտելու վրայով՝ գիտենք թէ կուռքը ոչինչ է աշխարհի մէջ եւ թէ մէկէն զատ ուրիշ Աստուած չկայ։ 5Քանզի թէեւ ըլլան ալ անունով աստուածներ, թէ՛ երկինքը եւ թէ՛ երկրի վրայ, (ինչպէս կան շատ աստուածներ ու շատ տէրեր), 6բայց մենք մէկ Աստուած ունինք՝ Հայրը՝ որմէ են բոլոր բաները եւ մենք ալ #8.6 Կամ, անոր համարանով ու մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որմէ են բոլոր բաները ու մենք ալ անով։ 7Բայց ամէնքը նոյն գիտութիւնը չունին։ Ոմանք կուռքին վրայ նոյն կարծիքը չունին։ Միսը կ’ուտեն կուռքերու զոհուածի պէս, որովհետեւ իրենց խղճմտանքը տկար է, կը պղծուի։ 8Սակայն կերակուրը մեզ Աստուծոյ առջեւ չի կեցներ, քանզի եթէ ուտենք չենք աւելնար եւ եթէ չուտենք չենք պակսիր։ 9Բայց զգո՛յշ կեցէք, որ չըլլայ թէ ձեր ազատութիւնը տկարներուն գայթակղութիւն ըլլայ։ 10Քանզի եթէ մէկը տեսնէ քեզ, որ գիտութիւն ունիս եւ կռատունի մէջ սեղան նստած ես, չէ՞ որ այն տկար խղճմտանք ունեցող մարդն ալ համարձակութիւն պիտի ունենայ կուռքերու զոհուածը ուտելու 11եւ քու գիտութիւնովդ այդ տկար եղբայրը կրնայ կորսուիլ, որուն համար Քրիստոս մեռաւ։ 12Այսպէս՝ եղբայրներուն դէմ մեղանչելով ու անոնց տկար խղճմտանքը վիրաւորելով՝ Քրիստոսին դէմ կը մեղանչէք։ 13Ուստի եթէ կերակուրը կը գայթակղեցնէ իմ եղբայրս, միս պիտի չուտեմ յաւիտեան՝ որպէս զի իմ եղբայրս չգայթակղեցնեմ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy