YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 11

11
ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԱՏԵՆ ԳԼՈՒԽԸ ԾԱԾԿԵԼ
1Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին։ 2Արդ ձեզ կը գովեմ, ե՛ղբայրներ, որ ամէն բանի մէջ զիս կը յիշէք ու պատուէրներս կը պահէք՝ ինչպէս ես ձեզի աւանդեցի։ 3Բայց կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած։ 4Ամէն այր մարդ, որ գլուխը գոց աղօթքի կը կայնի կամ մարգարէութիւն կ’ընէ, անպատիւ կ’ընէ իր գլուխը։ 5Եւ ամէն կին, որ գլուխը բաց աղօթքի կը կայնի կամ մարգարէութիւն կ’ընէ, անպատիւ կ’ընէ իր գլուխը. վասն զի այնպէս կը սեպուի որպէս թէ ածիլուած էր։ 6Վասն զի եթէ կինը չծածկուիր, թող իր մազերն ալ կտրէ. իսկ եթէ ամօթ է կնոջ մը իր մազերը կտրելը կամ ածիլուիլը, թող ծածկուի։ 7Այր մարդուն պէտք չէ գլուխը ծածկել, վասն զի Աստուծոյ պատկերն ու փառքն է. բայց կինը իր էրկանը փառքն է։ 8Քանզի ո՛չ թէ այր մարդը կնոջմէն է, հապա կինը՝ այր մարդէն։ 9Վասն զի այր մարդը չստեղծուեցաւ կնոջը համար, հապա կինը՝ էրկանը համար։ 10Այս պատճառաւ պէտք է որ կինը իր գլխուն #11.10 Յուն., իշխանութիւնշուք դնէ հրեշտակներուն համար. 11բայց ո՛չ կինը առանց այր մարդու կ’ըլլայ ու ո՛չ այր մարդը՝ առանց կնոջ՝ Տէրոջմով։ 12Վասն զի ինչպէս կինը այր մարդէն է նոյնպէս այր մարդը կնոջ միջոցաւ, բայց ամէնքը Աստուծմէ։ 13Դուք ձեզմէ դատեցէք. կնոջ կը վայլէ՞ գլուխը բաց աղօթքի կայնիլ Աստուծոյ առջեւ. 14չէ՞ որ բնութիւնն ալ կը սորվեցնէ ձեզի թէ այր մարդ մը եթէ երկար մազերով է, իրեն անարգանք է. 15բայց կինը եթէ երկար մազերով է, իրեն փառք է. վասն զի մազերը ծածկոցի տեղ տրուած են իրեն։ 16Սակայն եթէ մէկը հակառակիլ ուզէ անոր, մենք այնպիսի սովորութիւն չունինք, ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիները։
ՏԷՐՈՋԸ ԸՆԹՐԻՔԸ
17Բայց ասիկա պատուիրելով ձեզ չեմ գովեր, վասն զի ձեր հաւաքուիլը ո՛չ թէ աղէկ՝ հապա գէշ արդիւնք կ’ունենայ։ 18Նախ՝ երբ մէկտեղ հաւաքուիք եկեղեցիին մէջ կը լսեմ թէ բաժանումներ կան ձեր մէջ եւ մասամբ կը հաւատամ։ 19Վասն զի հարկաւ ձեր մէջ հերձուածներ ալ պիտի ըլլան, որպէս զի ձեր մէջ եղող ընտիրները երեւնան։ 20Ուստի դուք որ մէկտեղ կը հաւաքուիք, ատիկա Տէրունական ընթրիքը ուտել չէ. 21վասն զի ուտելու ատեն ամէն ոք աճապարանքով ընթրիքը կ’առնէ։ Մէկը անօթի կը մնայ ու միւսը կը գինովնայ։ 22Միթէ ուտելու եւ խմելու համար տուն չունի՞ք, կամ թէ Աստուծոյ եկեղեցի՞ն կ’անարգէք եւ կ’ամչցնէք չքաւորները։ Ձեզի ի՞նչ ըսեմ, ձեզ գովե՞մ։ Այդ բանին համար չեմ գովեր։ 23Վասն զի ես Տէրոջմէն ընդունեցի զայն, որ ձեզի ալ աւանդեցի՝ թէ՝ Տէր Յիսուս իր մատնուած գիշերը հաց առաւ 24եւ գոհանալով՝ կտրեց ու ըսաւ. «Առէ՛ք ու կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս որ ձեզի համար պիտի կտրուի. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ 25Նոյնպէս ալ գաւաթը ընթրիքէն յետոյ առաւ ու ըսաւ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս. ասիկա ըրէք քանի անգամ որ խմելու ըլլաք՝ զիս յիշելու համար։ 26Վասն զի քանի անգամ որ այս հացը ուտէք ու այս գաւաթը խմէք, Տէրոջը մահը պիտի պատմէք՝ մինչեւ ինք գայ»։ 27Ուստի ով որ այս հացը ուտէ կամ Տէրոջը գաւաթը խմէ անարժանաբար, պարտական պիտի ըլլայ Տէրոջը մարմնին եւ արիւնին։ 28Ուրեմն թող մարդ իր անձը փորձէ ու այսպէս այն հացէն ուտէ եւ այն գաւաթէն խմէ։ 29Վասն զի ան որ անարժանաբար կ’ուտէ ու կը խմէ, իր անձին դատապարտութիւնը կ’ուտէ ու կը խմէ, վասն զի Տէրոջը մարմնին իմաստը չորոշեր։ 30Ասոր համար ձեր մէջ շատ հիւանդներ ու ցաւագարներ կան եւ շատեր ալ կը ննջեն։ 31Վասն զի եթէ ինքզինքնիս դատելու ըլլայինք, պիտի չդատապարտուէինք։ 32Իսկ երբ կը դատուինք, Տէրոջմէն կը խրատուինք, որպէս զի աշխարհի հետ չդատապարտուինք։ 33Ուստի, եղբայրներս, երբ մէկտեղ կը հաւաքուիք ուտելու, իրարու սպասեցէք 34իսկ եթէ մէկը անօթի է՝ թող իր տանը մէջ ուտէ, որ չըլլայ թէ դատապարտութեան համար հաւաքուիք։ Ուրիշ պատուէրներ ձեզի եկած ատենս պիտի հաղորդեմ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy