1
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5:2
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Բերնովդ մի՛ աճապարեր, Թող քու սիրտդ Աստուծոյ առջեւ խօսելու չարտորայ. Քանզի Աստուած երկինքն է ու դուն երկրի վրայ ես, Անոր համար քու խօսքերդ քիչ թող ըլլան։
Compare
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5:2
2
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5:19
Ամէն մարդու, որուն Աստուած հարստութիւն ու ստացուածք կու տայ, Անկէ ուտելու եւ բաժինը առնելու Ու իր աշխատանքէն ուրախանալու իշխանութիւնն ալ կու տայ։ Ասիկա Աստուծոյ պարգեւն է։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5:19
3
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5:10
Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար, Ո՛չ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5:10
4
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5:1
Երբ Աստուծոյ տունը երթաս, ոտքիդ զգուշութիւն ըրէ՛։ Աւելի մտիկ ընելու համար մօտեցիր, Քան թէ անմիտներու պէս զոհ մատուցանելու. Վասն զի անոնք չեն գիտեր թէ չարութիւն կ’ընեն։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5:1
5
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5:4
Երբ Աստուծոյ ուխտ ընես, Զանիկա կատարելը մի՛ ուշացներ, Քանզի Աստուած անմիտներուն չի հաճիր։ Ըրած ուխտդ կատարէ՛։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5:4
6
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5:5
Աղէկ է որ ուխտ չընես, Քան թէ ուխտ ընես ու չկատարես։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5:5
7
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5:12
Քաղցր է աշխատող մարդուն քունը՝ Թէ՛ շատ եւ թէ՛ քիչ ուտէ Բայց հարուստին կուշտ ըլլալը՝ ՝ Չի թողուր որ անիկա հանգիստ քնանայ։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5:12
8
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5:15
Ինչպէս իր մօրը որովայնէն ելաւ, Այնպէս մերկ պիտի դառնայ։ Ինչպէս եկաւ, այնպէս պիտի երթայ Ու իր աշխատութենէն բան մը պիտի չառնէ որ իրեն հետ տանի։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 5:15