1
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 4:9-10
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Երկուքը մէկէն աղէկ է, Վասն զի անոնց աշխատանքը աղէկ վարձք ունի, Քանզի եթէ իյնան, մէկզմէկ կը վերցնեն։ Բայց վա՜յ իյնող մէկուն՝ Որ զինք վերցնող մը չունի։
Compare
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 4:9-10
2
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 4:12
Եթէ մէկը անոնց բռնութիւն ընէ, Երկուքը կրնան անոր դէմ դնել։ Երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չի կտրուիր։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 4:12
3
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 4:11
Երկու մարդ մէկտեղ պառկելով կը տաքնան, Բայց մէկը ի՞նչպէս կրնայ տաքնալ երբ առանձինն է։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 4:11
4
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 4:6
Աւելի աղէկ է մէկ լեցուն ձեռք հանգստութեամբ, Քան թէ երկու լեցուն ձեռք, որ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով է։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 4:6
5
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 4:4
Ու ես ամէն աշխատութիւն Եւ ամէն յաջող գործ տեսայ, Որոնց համար մարդ իր ընկերին կը նախանձի։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 4:4
6
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 4:13
Աղէկ է աղքատ ու իմաստուն տղան, Քան թէ ծեր ու անմիտ թագաւորը, Որ չի գիտեր խրատուիլ։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 4:13