1
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2:26
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Քանզի Աստուած իր առջեւ հաճելի եղող մարդուն Իմաստութիւն, գիտութիւն եւ ուրախութիւն կու տայ, Բայց մեղաւորին զբաղում կու տայ, Որպէս զի անիկա ստացուածք հաւաքէ ու դիզէ, Որպէս զի Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղողին տայ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։
Compare
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2:26
2
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2:24-25
Մարդս ուտելէն ու խմելէն Եւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի։ Ես տեսայ թէ ասիկա ալ Աստուծոյ ձեռքով կ’ըլլայ։ Վասն զի ինծմէ զատ՝ ՝ ո՞վ կրնայ ուտել Եւ ո՞վ կրնայ զուարճանալ։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2:24-25
3
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2:11
Ու ես իմ ձեռքերուս ըրած բոլոր գործերուն Ու այդ գործերը ընելու համար իմ թափած աշխատանքիս նայեցայ Եւ ահա ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք էին Ու արեւուն տակ ոեւէ օգուտ չկար։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2:11
4
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2:10
Իմ աչքերուս ամէն ցանկութիւն անոնցմէ չարգիլեցի Ու իմ սիրտս ամէն տեսակ ուրախութենէ զուրկ չթողուցի։ Իմ սիրտս իմ բոլոր աշխատութիւններովս ուրախացաւ։ Իմ բոլոր աշխատութիւններուս վարձքը ասիկա էր։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2:10
5
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2:13
Ուստի տեսայ թէ իմաստութիւնը անմտութենէն օգտակար է, Ինչպէս լոյսը խաւարէն օգտակար է։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2:13
6
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2:14
Իմաստունին աչքերը իր գլխուն վրայ են, Իսկ անմիտը խաւարի մէջ կը քալէ. Բայց ես հասկցայ թէ Անոնց ամենուն պատահած դէպքը մէկ է։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2:14
7
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2:21
Վասն զի մարդ կայ, որուն աշխատութիւնը Իմաստութեամբ, գիտութեամբ եւ յաջողութեամբ կ’ըլլայ, Բայց անկէ չաշխատող մարդուն իբրեւ բաժին կու տայ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու մեծ չարիք է։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2:21