1
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1:18
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Վասն զի շատ իմաստութեան մէջ շատ տրտմութիւն կայ Ու իր գիտութիւնը աւելցնողը իր վիշտը կ’աւելցնէ։
Compare
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1:18
2
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1:9
Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայ Ու ինչ որ գործուած է, նոյնը պիտի գործուի։ Արեւուն տակ բնաւ նոր բան մը չկայ։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1:9
3
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1:8
Բոլոր խօսքերը կը հատնին՝ ՝։ Մարդս խօսելու կարող չէ։ Աչքը տեսնելով չի կշտանար Ու ականջը լսելով չի լեցուիր։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1:8
4
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1:2-3
Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ Ժողովողը, Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ամէն բան ունայնութիւն է։ Ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ մարդ Արեւուն տակ քաշած բոլոր աշխատանքէն։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1:2-3
5
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1:14
Արեւուն տակ բոլոր գործուած գործերը տեսայ Եւ ահա ամէնքն ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք՝ ՝ են։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1:14
6
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1:4
Ազգ կ’երթայ եւ ազգ կու գայ, Բայց երկիրը միշտ կը կենայ։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1:4
7
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1:11
Առաջուան բաներուն յիշատակը չկայ Ու ետքը ըլլալիք բաներուն ալ, Ետքը եկողներուն մէջ յիշատակը պիտի չըլլայ։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1:11
8
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1:17
Իմ սիրտս իմաստութիւնը ճանչնալու, Խենդութիւնը եւ յիմարութիւնը գիտնալու տուի։ Հասկցայ թէ ասիկա ալ հոգիի տանջանք է։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 1:17